Մայիս 6 մարեմեան խոկումներ` Պիտի չառողջանամ այլեւս…
Արժանահաւատ Տոքթ. Ֆավաս կը պատմէ հետեւեալ դէպքը. -Օր մը ինծի ներկայացաւ աջ
սրունքէն վիրաւորուած երտասարդ մը. հրացանի փամփուշտ մը անցած էր անկէ: Տարօրինակ վէրք
մր էր: Բժշկական քննութիւնը վերջանալուն, հիւանդը վճռական շեշտով ըսաւ. -Տոքթոր, ամէն
խնամք անօգուտ է. այս խոցը ինծի պիտի ընկերանայ մինչեւ կեանքիս վերջը, մինչեւ գերեզման: -Եւ
ինչո՞ւ, հարցուցի: -1793ին, իմ գումարտակս Սպանիա ղրկուեցաւ պատերազմի համար: Բիրենեան
լեռները անցնելէ ետք, հասանք փոքրիկ գիւղ մը: Մենք երեք ընկերներ էինք. Ֆրանչեսքոն, Թոմասը
եւ ես: Ունէինք այդ օրերու գաղափարները, այսինքն անհաւատ էինք, ըստ այդ շրջանի նորոյթին: Թոմաս,
տան մը դրան վրայ, Աստուածամօր արձան մը նշմարեց եւ ըսաւ. -Տեսնենք, ո՞վ լաւ նշան
պիտի առնէ այդ սնահաւատներու յարգած արձանին: Նախ ինքը նշան առաւ ու զարկաւ արձանի
ճակատին: Ֆրանչեսքոյ, իր կարգին հարուածեց կուրծքը: Ես չէի ուզեր հետեւիլ ընկերներուս
օրինակին, կը յիշէի մայրս, իր բարեպաշտութիւնը…. բայց չդիմացայ ընկերներուս ծաղրանքներուն
եւ դողալով հրացանը հանգչեցուցի ուսիս, ակամայ գոցեցի աչքերս եւ հարուածեցի արձանը… -Սրունքին
զարկիր, այնպէս չէ՞, յարեց Տոքթորը: -Այո, ճիշտ այս վէրքիս տեղը: Պառաւ մը որ ականատես
եղած էր բոլոր դէպքերուն, բացականչեց. -Դուք պատերազմի կ’երթաք եւ ինչ որ ըրիք, վստահ
եղէք որ բախտ պիտի չբերէ ձեզի: Եւ մարգարէութիւնը իրականացաւ: Թոմաս, առաջինը վիաւորուեցաւ
ճիշտ ճակատէն, ինչպէս ըրած էր արձանին: Անմիջապէս հասկցանք որ Աստուած կը պատժէր մեզ: Յաջորդ
առտուն Ֆրանչեսքոյ, կարծես նախատեսելով ըլլալիքը, ձեռքս սեղմեց եւ ըսաւ. -Այսօր իմ
կարգս է: Ու չխաբուեցաւ: Աստուած իմ, փամփուշտ մը կուրծքը ծակեց եւ անդին անցաւ: Ինք
փոշիներու մէջ կը տապկլտէր քահանայ մը կանչելով, բայց չգտնուեցաւ այդ վայրկեանին: -Ես
այլեւս տարակոյս չունէի, իմ կարգս էր եւ արժանի էի այդ պատիժին: Եւ ինչ որ պատահեցաւ.
վիրաւորուեցայ սրունքէս: Ահա բոլորը: Ես պիտի չառողջանամ բնաւ, բայց շնորհակալ եմ Աստուծոյ
եւ Ս. Կոյսին, որ ինծի ժամանակ տուին զղջալու եւ կեանքս ուղղելու: